2013-12-13 11:49:52

Երեւանի մէջ հանդիպում` Տաւութօղլուի եւ Նալբանդեանի միջեւ


Հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստին ընթացքին Հայաստան կազմակերպութեան նախագահութիւնը յանձնեց Պուլկարիոյ:
Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումներուն, թէ հանդիպում պիտի ունենա՞յ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ ի՞նչ հարցեր պիտի քննարկէ, Նալբանդեան յայտնեց, որ այո, պիտի հանդիպի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան բոլոր արտաքին գործոց նախարարներուն, որոնց շարքին նաեւ Տաւութօղլուի, եւ իրենց քննարկած հարցերը պիտի ներկայացուին հանդիպումէն ետք:
Անդրադառնալով լրագրողներուն այն դիտարկման, որ Թուրքիա ամէն անգամ կը փորձէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցը կապել հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ, Նալբանդեան յայտնեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարելի է միայն առանց նախապայմաններու:
Աւելի ուշ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն 1.5 ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումը, որմէ ետք Տաւութօղլու հարցազրոյց տուաւ միայն թրքական լրատուամիջոցներուն:
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկէն ուղիղ սփռեց Տաւութօղլուի մամլոյ ասուլիսը:
Տաւութօղլու խօսեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստին ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր քննարկումներուն մասին:
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն` թուրք նախարարը նշեց, որ Նալբանդեանի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցան հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական անցեալը բաց եւ անկեղծ կերպով քննարկելու, Կովկասի մէջ առկայ խնդիրներուն մնայուն լուծում գտնելու, շրջանը տնտեսապէս զարգացնելու, Հայաստանի շրջանային տնտեսական նախագիծերուն անդամակցելու անհրաժեշտութեան հարցերը: «Անկեղծ հանդիպում էր: Առանց հանդիպելու, խօսելու եւ առկայ խնդիրները քննարկելու յառաջ ընթանալ կարելի չէ», ըսաւ Տաւութօղլու:
Մամլոյ ասուլիսին թուրք լրագրողները ընդամէնը երկու հարցեր բարձրացուցին:
Այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք շօշափուա՞ծ է «գրաւեալ երկու շրջաններէ հեռանալու դիմաց հայ-թրքական սահմանը բանալու» մասին Երեւան մեկնելէն առաջ թրքական մամուլին մէջ շրջանառուած հարցը, Տաւութօղլու պատասխանեց, որ անոնք թրքական մամուլին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ են, որոնց անդրադարձած է նաեւ հայկական մամուլը: «Մենք խօսած ենք երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութիւնը զարգացնելու մասին», նշեց ան: Միւս հարցումը կը վերաբերէր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հետագայ գործունէութեան եւ ծրագիրներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.